Jueves
21.11.2024
12:54
Formulario de entrada
Búsqueda
Calendario
«  Marzo 2013  »
LuMaMiJuViSaDo
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031
Archivo de registros
Nuestra encuesta
Estimen mi sitio
Total de respuestas: 39
Amigos del sitio
  • Cree su sitio
  • Estadística

    Total en línea: 6
    Invitados: 6
    Usuarios: 0

    Asociación Armenia Ararat

    Inicio » 2013 » Marzo » 19 » «ԱՆԱՔՕ» ՏԱՓԱՆԱՒ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒՄ. «ԿԻՆՈԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿՈՂՄԸ
    14:35
    «ԱՆԱՔՕ» ՏԱՓԱՆԱՒ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒՄ. «ԿԻՆՈԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿՈՂՄԸ
    ՍՓՅՈՒՌՔ 
    19.03.2013


    Չորեքշաբթի՝ Մարտ 20-ին, երեկոյեան ժամը 18էն 21, «Հաշտեցումի Աղբիւրներ» (Conciliation ressources) Լոնտոնահաստատ կազմակերպութիւնը, որ 2006-էն ի վեր Հարաւային Կովկասի մէջ նախաձեռնած է «Կինոերկխօսութիւններ» ու պատրաստութեան, «Անաքօ» տափանաւին վրայ պիտի ներկայացանէ վերոնշեալ տեսանիւթերը՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան մարդկային կողմը ցոյց տալու համար («Memories without borders»):
    Ոչ-կառավարական հիմնարկը հիմնադրուած է 1994ին։ Այդ թուականէն ի վեր միջամուխ եղած է ժողովուրդներու՝ հաշտեցումի կարօտ բազմաթիւ բախումներուն, տեսանիւթներու օգտագործումով ցուցադրելով հակամարտային վիճակի մէջ գտնուող երկիրներու ժողովուրդներու մարդկային կողմը։ Ներկայիս, «Հաշտեցումի Աղբիւրներ» հիմնարկը կը գործէ բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ Սուտան, Մալի, Ժամմու Գաշմիր, Գոլոմպիա, Գոթ տ՚Իվուար, Իռլանտա…:

    Հաշտեցում, ահա բառ մը, որ նորէն կը ներկայանայ Ֆրանսահայութեան, այս անգամ՝ ոչ իբր հայեւթուրք յարաբերութիւններու բարելաւման նպատակ հետապնդող, այլ Հայազէրպայճանական մերձեցման: Առանց մեծ յաւակնութիւններ ունենալու՝ փորձ կ՚ըլլայ այս կողմի ձայնը ձեւով մը միւս կողմին լսելի դարձնելու, իբրեւ նախկին հարեւան¬ներ եւ ապագային իրարու հետ ապրելու սահմանուած երկիրներ։ «Կինոերկխօսութիւններ»ու տեսանիւթերը կը խօսեցնեն Պաքուի շրջանէն տեղահանուած Հայերը, Արցախահայերը եւ ազէրպայճանական կողմէն ալ՝ Հայաստանէն տեղահանուածները եւ նախկին Ղարաբաղի նախկին բնակիչները։

    Շուրջ երեսուն կարճատեւ փաստագրական տեսանիւթեր պատրաստուած են՝ առանձնապէս հայկական եւ ազէրպայճանական պատերազմին մասնակիցներու կողմէ։ Կայ նաեւ շարք մը, ուր նոյն տեսանիւթին մէջ, զուգահեռներով՝ երկու կողմերը հեռակայ ձեւով կ՚անդրադառնան նոյն նիւթին, ինչպէս՝ քամանչայի մասին հայ եւ ազէրի երաժիշտներու խօսքերը սովետական եւ յետպատերազմեան շրջանի յեղաշրջումներէն ետք («Քամանչանամէ» որուն համահեղինակներն են՝ Վաֆա Ֆարաճովա եւ Արինա Խաչիկեան, իսկ տեսագրողները՝ Լեւոն Քալանթար եւ Վուգար Սաֆարով):
    Նոյնպէս, «Սփեքթր» վաւերագրական տեսանիւթին մէջ երկու նկարիչներ կ՚արծարծեն պատերազմին հետեւանքները («Քամանչանամէ»ն պատրաստող նոյն համահեղինակներու եւ տեսագրողներու կողմէ պարաստուած):

    «Ոչ-պատերազմ, ոչ-խաղաղութիւն» իրավիճակի մէջ շարքային Հայերն ու Ազէրպայճանցիները՝ պատերազմէն ետք դադրեցան իրարու հետ շփուելէ: Այս ընթացքին նոր սերունդ մը հասաւ: Երիտասարդ Հայեր եւ Ազէրպայճանցիներ, որոնց մեծ մասը իրարու հետ ուղղակի շփման փորձը չունին, իրականութեան մէջ, երբեք «միւս կողմից որեւէ մէկին չեն հանդիպել: Ինչ էլ որ գիտեն միմեանց մասին՝ իրենց երկրների լրատուամիջոցներից են քաղել: Տարածաշրջանում տեղեկատւութեան հիմնական աղբիւրն՝ էլեկտրոնային լրատուամիջոցներն են, որոնք, ընդհանուր առմամբ, խստօրէն վերահսկւում են: Արդիւնքում, հայ եւ ադրբեջանական հասարակութիւններում ծաղկում են փոխադարձ օտարացումն ու միմեանց մասին բացասական կարծրատիպերը»:

    2006ին «Հաշտեցումի Աղբիւրներ» բրիտանական խաղաղաստեղծ հասարակական կազմակերպութիւնը նախաձեռնեց «Կինոերկխօսութիւններ»ով՝ Հայերու եւ Ազէրպայճանցիներու միջեւ անցեալին եղած կամուրջները վերականգնելու փորձին: «Հաշտեցումի աղբիւրներ»ը, միացեալ աշխատանք տանելու նպատակով, որոշեց գործակցիլ լրատու միջոցներու բնագաւառին մէջ աշխատող տեղական երեք կազմակերպութիւններիու հետ. Երեւանի մէջ՝ «Ինտէրնիուզ» հանրային կազմակերպութիւնն էր (Ինտէրնիուզ Հայատան), Պաքուի մէջ՝ «Ինտէրնիուզ» ազէրպայճանական հանրային կազմակերպութիւնը (Ինտէրնիուզ Ազէրպայճան), իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին մէջ՝ Ստփանակերտի մամուլի ակումբը:

    «Ինտէրնիուզ Հայաստան»ի տնօրէնուհի Նունէ Սարգսեանի կարծիքով՝ «Կինոերկխօսութիւնները» երի¬տասարդ Ազէրպայճանցիներու եւ Ղարաբաղի Հայերու համար ֆիլմարտադրութեան միջոցով՝ "պատուհաններ բացելու գաղափարն է, որ կօգնի նրանց ծանօթանալ լրատուամիջոցների բնագաւառին, ուղղակիօրէն հաղորդակցուել միմեանց հետ, ինչպէս նաեւ կը նպաստի աւելի լայն հասարակական շփումներին: Մասնակիցներն անցնում են ֆիլմարտադրութեան դասընթացքներ եւ ծանօթանում խա-ղաղաստեղծ գո¬ծունէութեան հիմնական սկզբունքներին: «Ինտէրնիուզ Հայաստան»ի եւ «Ինտէրնիուզ Ադրբեջան»ի աջակցութեամբ՝ նրանք իրենց գաղափարները վերածում են ֆիլմերի եւ, պրոֆէսիոնալ տեսագրողների օգնութեամբ, կատարում են իրենց առաջին ֆիլմարտադրութիւնը”:

    Երկու հաւաքածոներուն մէջ (2007 եւ 2010) ներկայացուած են Նախագծի յաջորդական փուլերու ֆիլմերը, որոնք առաջին անգամ ցուցադրուած են Լոնտոնի ժամանակակից արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ ետք նաեւ՝ Հայաստանի, Ազէրպայճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ֆիլմերէն մի քանին ցուցադրուած են Հարաւային Կովկասի ու Կեդրոնական Ասիոյ հեռատեսիլներէն: Ֆիլմերը կրնաք գտնել նաեւ համացանցին վրայ:
    2010 Օգոստոսէն մինչեւ 2011 Նոյեմբեր ժամանակահատուածին՝ «Ինտէրնիուզ Հայաստան»ը, Ստեփանակերտի մամուլի ակումբը, տարածաշրջանի տեղական համայնք-
    ներուն համար ժապաւէններու ներկայացումներու ծրագիրներ իրագործած են: 

    «Հաշտեցումի աղբիւրներ» ժապաւէններու ներկայացումներ կազմակերպուած են նաեւ Լոնտոնի, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի համալսարաններուն մէջ՝ դասախսութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի շրջանակներուն համար:  
    Visiones: 770 | Ha añadido: defaultNick | Ranking: 0.0/0
    Total de comentarios: 0
    Nombre *:
    Email *:
    Código *: