Inicio »
2013 » Marzo » 5 » ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԵՐՈՒ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԻ ՄԸ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԱԾ Է
22:47 ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԵՐՈՒ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԻ ՄԸ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԱԾ Է |
ՍՓՅՈՒՌՔ
05.03.2013
Յունուար 22ի մեր թիւով (460, էջ 5) կը դատապարտէինք Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին մէջ Պատմութեան խեղաթիւրումի նոր պարագայ մը: Այդ թանգարանին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի 54րդ բաժանեակին մէջ, պատմական Հայաստանի տարածքէն (բռնագրաւեալ) գտնուած պատմական իրերը կը ներկայացուին «Ancient Turkey» անունին տակ, փորձելով այցելուներուն հաւատացնել թէ այդ ցուցանմոյշները թրքական են:
Խումբ մը Հայեր, խնդրոյ առարկայ նմոյշները ճշգրիտ տեղեկատըւութեամբ ներկայացնելու եւ այս անարդարութիւնը սրբագրելու կոչ կ՚ուղղեն Բրիտանական թանգարանին: Այս նպատակով ձեռնարկած են ստորագրահաւաքի մը, որուն կարելի է մասնակցիլ հետեւեալ հասցէէն՝
https://www.change.org/en-CA/petitions/the-british-museum-stop-misrepresentation-of-armenian-heritage-as-ancient-turkey
«ՆորՅառաջ»
|
Visiones: 701 |
Ha añadido: defaultNick
| Ranking: 0.0/0 |