Inicio »
2012 » Noviembre » 6 » Հալէպի Վիլլաներու շրջանին մէջ պատահական փամփուշտի զոհ գնաց շրջանի բնակիչներէն Վարդան Խաչատուրեան
01:35 Հալէպի Վիլլաներու շրջանին մէջ պատահական փամփուշտի զոհ գնաց շրջանի բնակիչներէն Վարդան Խաչատուրեան |
Ս
05.11.2012
«Ազդակ» երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ տեղեկացուց, թէ երէկ երեկոյեան Հալէպի Վիլլաներու շրջանին մէջ պատահական փամփուշտի զոհ գնաց շրջանի բնակիչներէն Վարդան Խաչատուրեան: Միւս կողմէ, Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան Դամասկոսի մէջ` սուրիական բանակի սպայակոյտի կեդրոնին մօտ, աշխատաւորներու գլխաւոր արհեստակցական միութեան շէնքին կից տեղի ունեցաւ պայթում մը. ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, արձանագրուեցան տասնեակ մը վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ: Գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Մարգարէի թոռներ զօրախումբը:
Միւս կողմէ, մայրաքաղաքի ծայրամասերուն ծանր բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիր զինեալներու եւ սուրիական բանակին միջեւ. մեծամասնութեամբ պաղեստինցիներով բնակուող Եարմուք գաղթակայանի եւ «Սըթ Զենապ» ուխտավայրի շրջանները ենթարկուեցան հրասանդի հրթիռներու հարուածներու` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:
|
Visiones: 852 |
Ha añadido: defaultNick
| Ranking: 0.0/0 |