Viernes
19.04.2024
20:07
Formulario de entrada
Búsqueda
Calendario
«  Octubre 2012  »
LuMaMiJuViSaDo
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031
Archivo de registros
Nuestra encuesta
Estimen mi sitio
Total de respuestas: 39
Amigos del sitio
  • Cree su sitio
  • Estadística

    Total en línea: 1
    Invitados: 1
    Usuarios: 0

    Asociación Armenia Ararat

    Inicio » 2012 » Octubre » 17 » Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ` Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
    02:21
    Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ` Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն




    4 հոկտեմբերին Երեւանի պետական համալսարանի Լրագրութեան շէնքի Եղիշէ Չարենցի անուան սրահին մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով համաժողովը` մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէ լրագրողներու, խմբագիրներու, հասարակական գործիչներու:

    Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան եւ հայաստանաբնակ լուսանկարիչ-լրագրող Գաբրիէլ Փանոսեան:

    Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ նշեց, թէ համաժողովը նպատակ ունի ճշգրտելու այն առաջադրանքները, որոնք լրագրողները պարտաւոր են միասնաբար իրականացնել պահանջատիրութեան եւ արդարութեան վերահաստատման ճամբուն վրայ: «Մենք միասնաբար անցնելու ենք մեր ճամբան եւ կռիւ ենք տալու որոշ հարեւանների հետ: Մեր կռիւը լոյսի եւ խաւարի, Հայկ Նահապետի եւ Բէլի, Սասունցի Դաւթի եւ Մսրայ Մելիքի, մշակոյթ ունեցողի եւ դրա ոչնչացնողի միջեւ կռիւ է», նշեց Հրանուշ Յակոբեանը` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը այսօր կը գտնուի նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:

    Նախարարը լրագրողներուն կոչ ուղղեց շատ գրելու, խօսելու այն պետութիւններուն եւ միջազգային կառոյցներուն մասին, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ խթան հանդիսանալու տակաւին այդ քայլը չկատարած երկիրներուն` այդ մէկը կատարելու: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է նաեւ անդրադառնալ երկփեղկուած Թուրքիոյ ներքին կեանքին: Իր խօսքը եզրափակելով ան հաստատեց, որ ինք մեծ հաւատք ունի լրագրողներու գրիչի ուժին, անոր ազդեցութեան եւ դերակատարութեան նկատմամբ:

    Այս առիթով ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքեր ուղղած էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս  ԺԹ. պատրիարք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան:

    Բոլոր խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան լրագրողներուն դերակատարութիւնը` համազգային նիւթերու շուրջ ներքին ու արտաքին աշխարհը իրազեկ դարձնելու, Հայ դատի եւ ազգային հարցերու հետապնդման իմաստով ազդու դերակատարութիւն ունենալու իմաստով: Շեշտուեցաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հաւաքական օրակարգի մէջ մնայուն ներկայութիւն է, թէեւ երբեմն կը ծագի այն խաբկանքը, որ մոռացութեան կրնայ մատնուիլ, սակայն նման բան չի կրնար ըլլալ, հայութիւնը չի կրնար լռել, իսկ հայութեան խօսափողներէն հիմնականները եղած են ու տակաւին են լրագրողը եւ տեղեկատուական միջոցները, որոնք չորրորդ իշխանութիւնն են: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ լրագրողները միշտ յառաջապահ դիրքի վրայ են եւ իրենց ուսերուն ունին մեծ պատասխանատուութիւններ եւ պարտաւորութիւններ, որոնք վճռորոշ են հայութեան համար:

    Ապա համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուրկէ ուղղուեցան Աղաւնաձոր` շարունակելու համաժողովին աշխատանքները:

    Առաջին նիստի առաջին զեկուցաբերն էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ցեղասպանութեան թանգարան¬հիմնարկի տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու համակարգման յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան, որ ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ. թուրք¬ազրպէյճանական մարտահրաւէրները եւ հայկական կողմին ընելիքները» նիւթը: Երկրորդ զեկուցողն էր «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովի համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան, որ ներկայացուց լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովի յաջորդած հանգրուանին համաժողովի համակարգող խորհուրդին կատարած աշխատանքները` շեշտը դնելով գործադրուած արդիւնաբեր գործունէութեան վրայ: Ապա յաջորդաբար զեկուցեցին «Քալիֆորնիա Քուրիըր» (Միացեալ Նահանգներ) թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան` «Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմ, թէ՞ արդարութեան հետապնդում» նիւթով, «Օրեր» (Չեխիա) ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան` «Չեխիան եւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը, նոր մօտեցումներու անհրաժեշտութիւնը» նիւթով, «Ազատ խօսք» (Կիպրոս) կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Երան Գույումճեան` «Մամուլը իբրեւ ազգային նորոգ գիտակցութեան զարթուցիչ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին», «Ալիք» (Իրան) օրաթերթի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան` «Հայկական լրատուամիջոցները եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրները», «Նոր Մարմարա» (Պոլիս) օրաթերթի փոխխմբագիր Մաքրուհի Յակոբեան, «Հայրենիք» (Սպանիա) շաբաթաթերթի հիմնադիր¬խմբագիր Արարատ Ղուկասեան` «Ցեղասպանութիւնը` իբրեւ քաղաքական սանձ»: Ապա «Ա¬Ինֆօ» (Վրաստան) լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան զեկուցեց «Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն դերը հայկական պահանջատիրութեան նպատակներու յստակեցման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ» նիւթով, «Նոր Յառաջ» (Ֆրանսա) երկօրեայ թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան ներկայացուց «Ցեղասպանութիւն 100¬Մահավճիռ, լեզու եւ շուկայ» նիւթը, Եգիպտոսի «Արեւ» թերթի խմբագիր Ասպետ Արթինեան հանդէս եկաւ «Սփիւռքահայ լրագրողը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, երկու տարուան ջանքերս, արդիւնքը եւ առաջարկներ»: Վերջին բաժինով Ուքրանիոյ «Արմեանսքի վեսթնիք» շաբաթաթերթի խմբագիր Մեդեա Աթեան ներկայացուց «Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործունէութիւնը եւ լրատուամիջոցներու դերը հայկական համայնքներու կեանքը լուսաբանելու մէջ» նիւթը, ապա ժողովը համացանցով կապ հաստատեց Դամասկոս, ուրկէ դոկտ. Նորա Արիսեան` «Ազդակ»-ի կայքէջի արաբերէն բաժնի խմբագիրը անդրադարձաւ «Ցեղասպանութեան լուսաբանման ժամանակակից խնդիրները արաբական աշխարհին մէջ» նիւթին: Աւարտին տեղի ունեցաւ Լ. Աւետիսեանի «Ուրբաթագիրք» եւ Ֆ. Աֆրիկեանի «Այբ. Բեն. Գիմ.» գիրքերու շնորհահանդէսը:

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     

     


    Visiones: 885 | Ha añadido: defaultNick | Ranking: 0.0/0
    Total de comentarios: 0
    Nombre *:
    Email *:
    Código *: