Jueves
21.11.2024
12:46
Formulario de entrada
Búsqueda
Calendario
«  Noviembre 2012  »
LuMaMiJuViSaDo
   1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930
Archivo de registros
Nuestra encuesta
Estimen mi sitio
Total de respuestas: 39
Amigos del sitio
  • Cree su sitio
  • Estadística

    Total en línea: 6
    Invitados: 6
    Usuarios: 0

    Asociación Armenia Ararat

    Inicio » 2012 » Noviembre » 2 » Ժերար Կերկերեան Ֆրանսախօս Հեղինակներու Գիրքերու Ցուցահանդէսին Մակագրեց Իր Գիրքը
    17:28
    Ժերար Կերկերեան Ֆրանսախօս Հեղինակներու Գիրքերու Ցուցահանդէսին Մակագրեց Իր Գիրքը

    02.11.2012


    20-րդ տարին ըլլալով յաջորդաբար ֆրանսախօս հեղինակներու գիրքերու ցուցահանդէսը վերստին խանդավառեց հայ թէ ոչ հայ ֆրանսախօս գրասէրները` իր կազմակերպած գրախօսական, վերլուծական թէ մակագրումի յատուկ ելոյթներով:
    Այս ծիրին մէջ, ծագումով լիբանանահայ Ժերար Կերկերեան երէկ` հինգշաբթի, 1 նոյեմբեր երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի «Պիել» ցուցասրահի «Վըրճըն» ցուցաբաժինին մէջ մակագրեց իր մէկ գիրքը:
    «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով Կերկերեան յայտնեց, որ հայ-թրքական տագնապին վերաբերող իր աշխատութիւնը  լոյս տեսած էր 2011-ին` Ֆրանսա: Խորքին մէջ անիկա իր դոկտորական թէզն է, որ պիտի ներկայացնէր Փարիզի համալսարանը:

    Անդրադառնալով գիրքի բովանդակութեան` Ժերար Կերկերեան յայտնեց, որ անիկա կ՛անդրադառնայ հայ-թրքական տագնապին եւ վերջին շրջանին ստորագրուած Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն:

    Կերկերեան անդրադարձաւ արձանագրութիւններու վիճելի կէտերէն սահմաններու եւ Եղեռնի պատմական իրողութեան գծով հայկական եւ թրքական տեսակէտներուն: Հիմնական երեք հարցեր կ՛արծարծէ այս գիրքը, թէ` Եղեռնը պատմական իրողութիւն է եւ հետեւաբար` թրքական կողմը յանցաւոր է ու առ այդ հատուցելու հարկադրուած:

    Երկրորդ` հատուցումը ինքնին, ներում հայցելու կողքին, ունի նաեւ իր հողային հատուցման պահանջի բաժինը, որ դարձեալ վիճելի կէտ է Թուրքիոյ համար: Երրորդ` Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ տակաւին եւս կանգուն մնացած կոթողներ լիովին կը փճացուին թուրքերու կողմէ ինչ-ինչ պատրուակներու տակ:

    Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ գիրքը լոյս տեսած է ֆրանսերէնով, արդեօք կը մտածէ՞ հայերէն թարգմանութեան մասին, Կերկերեան յայտնեց, թէ նման առաջարկ մը ստացած է Հայաստանի պատկան մարմիններէն, սակայն արեւելահայերէնի վերստուգման լեզուական հմտութիւնը չունենալով` վերապահ է:

    Ժերար Կերկերեան Լիբանանէն Ֆրանսա մեկնած եւ հոն իր համալսարանական մասնագիտութիւնը կատարելագործած է «Փարիզ-2» համալսարանին մէջ: Ան նաեւ մասնագիտացած է Փարիզի Քաղաքական ուսումնասիրութեանց հիմնարկին մէջ: Իսկ Փարի Տեքարթ համալսարանին մէջ մասնագիտացած է հոգեբանութեան ճիւղին մէջ: Ան աշխուժ գործունէութիւն ունի հայկական եւ միջազգային վարկ վայելող կազմակերպութեանց մէջ: Իր ուսումնասիրութեանց առանցքը կազմած է հայկական հարցը` Հայոց ցեղասպանութեան թէ արցախեան պայքարի բնաբաններով: Ան անդամ է «Օպզերվաթուար Արմենիեն»-ի:

    Պատասխանելով իր յառաջիկայ քայլերուն գծով «Ազդակ»-ի հարցումին` ֆրանսահայ փաստաբան-քաղաքագէտը յայտնեց, որ կը ծրագրէ Սեւրի (Ֆրանսա) Մխիթարեաններու (երբեմնի) վարժարանին մէջ զետեղել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթող` «Սեւր 2015 միութեան» նախաձեռնութեամբ, որուն նախագահն է ինք:
    Visiones: 849 | Ha añadido: defaultNick | Ranking: 0.0/0
    Total de comentarios: 0
    Nombre *:
    Email *:
    Código *: