Jueves
21.11.2024
12:48
Formulario de entrada
Búsqueda
Calendario
«  Diciembre 2012  »
LuMaMiJuViSaDo
     12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31
Archivo de registros
Nuestra encuesta
Estimen mi sitio
Total de respuestas: 39
Amigos del sitio
  • Cree su sitio
  • Estadística

    Total en línea: 7
    Invitados: 7
    Usuarios: 0

    Asociación Armenia Ararat

    Inicio » 2012 » Diciembre » 6 » Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահը` Անթիլիասի Մէջ
    01:40
    Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահը` Անթիլիասի Մէջ

    05.12.2012


    Դեկտեմբեր 4-ին  Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ ընդունեց Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննաքիս Օմերուն:
    Խորհրդարանի նախագահի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիս, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Վ. Անաստասիատու, Կիպրոսի նախագահին պալատի տնօրէն Ա. Քութալանոս, խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Է. Հաճիեան եւ խորհրդարանի նախագահի խորհրդական Ճ. Փոփաքիրիաքու: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան, ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան եւ լիբանանեան խորհրդարանի երեսփոխաններ: Յայտնենք նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահին կ՛ընկերանային Կիպրոսէն խումբ մը լրագրողներ:

    Ողջունելով խորհրդարանի նախագահին այցելութիւնը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ կիլիկեան շրջանէն սկսեալ քաղաքական, տնտեսական, կրօնական ու մշակութային իմաստով յատուկ կապեր գոյութիւն ունեցած են հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ: Այս կապերը հետագային աւելի զարգացան, եւ այսօր ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ երկու ժողովուրդները հասարակաց տեսակէտներ ու կեցուածքներ ունին: Նո՛յնն է պարագան, ըսաւ վեհափառ հայրապետը, հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն, որոնց միջեկեղեցական յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը վերանորոգ կերպով կը շարունակուին: Վեհափառը ընդգծեց, որ Կիպրոսի մէջ հայ համայնքը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ կղզիի բարգաւաճման` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային մարզերուն մէջ:

    Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան: «Մեր գործակցութիւնը ամրացնող պատմական կապերը պէտք է աւելի ամրապնդուին ներկայ աշխարհի հրամայականներուն դիմաց», շեշտեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով.      «Այսօր մանաւանդ, երբ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի ոչ միայն Կիպրոսի, այլ ամբողջ շրջանին մէջ: Թուրքիան արդարութեան մասին կը խօսի, սակայն ինք դարձած է անարդարութեան ռահվիրան: Թուրքիան բռնագրաւման դէմ կ՛արտայայտուի, սակայն ինք բռնագրաւուած կը պահէ Կիպրոսին կէսը: Թուրքիան մարդկային իրաւունքներու ջատագով կը ներկայանայ միջազգային համայնքին, սակայն իր երկրին մէջ ան կ՛անտեսէ մարդկային տարրական իրաւունքները: Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ թափանցումը, շրջանի երկիրներու ներքին կեանքին իր միջամտութիւնը փաստօրէն հեռաւոր նպատակներ հետապնդելու նշաններ են»: Ուստի, ըսաւ վեհափառը, հարկ է Հայաստան ու Կիպրոս մեր եկեղեցիներն ու ժողովուրդները գործակցին, որպէսզի արգելք հանդիսանանք Թուրքիոյ Եւրոպական համայնք մուտք գործելու ճիգերուն:

    Վեհափառը խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւեալ հողերուն վրայ գտնուող հայկական եկեղեցիներուն ու կալուածներուն, յատկապէս Սուրբ Մակարայ վանքին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Ազգային առաջնորդարանին, վարժարանին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը եղող համայնքային թէ անհատական կալուածներու հարցին մասին: Վեհափառը ըսաւ, որ «Կիպրոսի մեր ժողովուրդը օրինաւոր սեփականատէրն է այդ բոլորին: Թուրքիան իրաւունք չունի գրաւուած պահելու, զանոնք քանդելու, գործածելու կամ վարձու տալու. նման արարքներ դէմ են միջազգային օրէնքին: Քաջատեղեակ ենք, որ Կիպրոսի կառավարութիւնը հետեւողական կերպով կը հետապնդէ այս հարցը եւ վստահ ենք, որ վերանորոգ թափով պիտի շարունակէ իր աշխատանքը միջազգային համայնքին մէջ»:

    Պատասխանելով վեհափառ հայրապետին խօսքին` Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահը ինք եւս յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութեան` շեշտելով այդ յարաբերութիւնը աւելի ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ, խորհրդարանի նախագահը նաեւ ընդգծեց եկեղեցիներուն դերը մանաւանդ մարդկային իրաւունքներու մարզին մէջ: Ան նաեւ լայնօրէն խօսեցաւ Կիպրոսի մէջ թրքական գրաւումին ու անոր ժխտական հետեւանքներուն մասին` յայտնելով, որ Կիպրոսի պետութեան համար այս հարցը կը մնայ մնայուն առաջնահերթութիւն: «Թուրքիան, իբրեւ գրաւեալ ուժ կը շարունակէ քանդել կրօնական ու մշակութային կառոյցները եւ այլափոխել Կիպրոսի գրաւեալ շրջանի դիմագիծը», ըսաւ Օմերու եւ ձայնակցելով վեհափառ հայրապետին շեշտեց միասնաբար պայքարելու հրամայականը` ի խնդիր արդարութեան:

    Ապա վեհափառ հայրապետը, խորհրդարանի նախագահը եւ ներկաները ուղղուեցան Մայր տաճար ու Նահատակաց յուշարձան, ուր վեհափառ հայրապետը հոգւոց արտասանեց` ի հանգիստ ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:
    Visiones: 803 | Ha añadido: defaultNick | Ranking: 0.0/0
    Total de comentarios: 0
    Nombre *:
    Email *:
    Código *: