09.11.2012
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին երէկ` հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը աշակերտական խորհուրդին անունով արտասանեց Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ այս օրերուն հայ երիտասարդութիւնը օրըստօրէ կը հեռանայ հայ երգէն եւ գրեթէ ամբողջովին հեռացած է աշուղական երգարուեստէն, ինչ որ ցաւալի երեւոյթ է, քանի որ աշուղական երգը ներշնչման աղբիւր է եւ հոգիի ազնուացման միջոց: Չարըգեան յոյս յայտնեց, որ Մեսրոպեանի նորաստեղծ աշուղական համոյթը երիտասարդութեան եւ աշուղական երգի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատը կը քանդէ եւ աշուղական երգը լսելի կը դարձնէ բոլորին:
Ապա համոյթը երգեց «Քամանչա»-ն, Ռիթա Գարամանուկեան նուագեց «Էլեկիա»-ն, իսկ Քրիսթին Պեքարեան մենակատարեց «Քանի վուր ճան իմ» երգը, որուն ասմունքով միացաւ Տեսիլ Քէշիշեան: Քարլ Տեմիրճեանի եւ Կարինէ Ներսէսեանի «Յիս քու ղիմեթն չիմ գիտի» զուգերգէն ետք, «Հաւասի» համոյթը երգեց «Ուստի կու գաս ղարիպ պլպուլ»-ը:
Օրուան բանախօսն էր Զաքար Քէշիշեան, որ նշեց, թէ Սայաթ Նովան իր տաղանդով, իր նուիրումով եւ իր կեանքով կոչուեցաւ «Երգի որսորդ»: Բանախօսը ներկայացուց հայ աշուղներու պատմութիւնն ու մշակոյթին մէջ ունեցած իրենց ուրոյն դերը: Սայաթ Նովայի երաժշտական հարստութիւնը ներկայացնելէ ետք, Քէշիշեան ըսաւ, որ Սայաթ Նովան ամէնէն առաջ ինք իր անձին կ՛երգէր, իր զգացումները կ՛արտայայտէր, եւ այստեղ է, որ կը կայանայ իր արժէքը: Զաքար Քէշիշեան հաստատեց, որ ամենայն հայոց աշուղը ոչ միայն հայկական առումով մեծ հարստութիւն է, այլեւ` համաարեւելեան երեւոյթ է: Գնահատելով Սայաթ Նովայի երգերուն կատարումը, Քէշիշեան շնորհաւորեց Մեսրոպեանի «Հաւասի» համոյթին ստեղծումը եւ մաղթեց յարատեւ վերելք:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասով Գառնիկ Փանոսեան մեկնաբանեց «Պլպուլի հիտ» երգը, որմէ ետք Մեսրոպեանի տուտուկի ուսուցիչ Յակոբ Գելուկեան նուագեց «Դու էն գլխէն» ստեղծագործութիւնը, ապա Տեսիլ Քէշիշեան ասմունքեց «Մի խօսք ունիմ իլթի մազով»-ը, որուն Գելուկեան ընկերակցեցաւ տուտուկով: Յաջորդ մեներգը «Պատկիրքդ ղալամով քաշած»-ն էր` կատարողութեամբ Ժաք Քէշիշեանին, մինչ Պեթի Սուլեան մեներգեց «Դուն էն հուրին էս» երգը, որուն մենապարով ընկերակցեցաւ Կրասիա Վարդիվառ:
Աւարտին, խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ հաստատեց, որ մէկ կողմէն սրահին մէջ «դատարկ աթոռի չգոյութիւնը» եւ միւս կողմէն «Հաւասի» աշուղական համոյթի բարձրորակ կատարումը յոյսեր կը ներշնչեն եւ կու գան հաստատելու, որ հայ աշուղական երգարուեստը ժառանգորդներ ունի ու երթը պիտի շարունակուի: Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու Գարմէն Աճեմեանին եւ արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեանին, որոնց կազմակերպուած, հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ համոյթը դարձաւ իրականութիւն:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Հաւասի» աշուղական համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու Գարմէն Աճեմեանի «Թէկուզ քու քաշն մարգրիտ տան» երգի մենակատարումով: Երգին ընկերակցեցան աշուղական համոյթի երգչախումբի եւ նուագախումբի անդամները:
Մեսրոպեան վարժարանի նորաստեղծ «Հաւասի» աշուղական համոյթը Սայաթ Նովայի նուիրուած այս հանդիսութեամբ իր իւրայատուկ, եզակի եւ անդրանիկ կատարումով պաշտօնապէս սկսաւ իր գործունէութեան:
«Ազդակ»
|