Viernes
29.03.2024
07:57
Formulario de entrada
Búsqueda
Calendario
«  Marzo 2013  »
LuMaMiJuViSaDo
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031
Archivo de registros
Nuestra encuesta
Estimen mi sitio
Total de respuestas: 39
Amigos del sitio
  • Cree su sitio
  • Estadística

    Total en línea: 1
    Invitados: 1
    Usuarios: 0

    Asociación Armenia Ararat

    Inicio » 2013 » Marzo » 15 » ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ՀԱՅԸ ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆՈԽԱ՞Զ Է
    16:15
    ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ՀԱՅԸ ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆՈԽԱ՞Զ Է
    ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆ 


    Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ գրասենեակին ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը Մարտ 11 թուակիր, հետաքրքրական տուեալներ պարունակող հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է:
    Կ՚ըսուի, թէ քանի մը օր առաջ մամուլին կողմէ «Սամաթիոյ նախայարձակը ձերբակալուեցաւ» ու նման խորագիրներով լուրերու բովանդակութիւնը, անոնց ներկայացման ձեւը, ոստիկանութեան կատարած յայտարարութիւններուն «կաղապարը», ինչպէս նաեւ գործելաձեւը իրենց յանձնաժողովին զայրոյթն ու կասկածները հրահրած են: «Հայ կիներու վրայ յարձակողը հայ մըն էր՝ Մուրատ Նազարեան: Դրդապատճառն ալ գողութիւն էր» տարազումը շատ նախնական եւ կասկածելի եւ անարդար թուած է իրենց. միայն որպէս կասկածելի ձերբակալուած Մ. Նազարեան արդէն հանրութեան ներկայացուած է որպէս յանցաւոր: Միութեան անդամները որոշած են իրենց կողմէ հետաքննութիւն կատարել յարձակումներուն զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն մօտ: Տեսած են, որ ոստիկանութեան կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւններուն բնաւ չեն համապատախաներ անոնց վկայութիւնները: Հայ կիներ վախազդու ատելութեամբ ծեծուած են, յաճախ առանց դոյզն ղրուշի մը գողութեան պարագայի: Ատկէ ետք, պաշտօնական տեղեկատւութեան նկատմամբ իրենց թերահաւատութեան մէջ աւելի ամրապնդուած, ուզած են տեսակցութիւն ունենալ ձերբակալուած կասկածեալ՝ Մուրատ Նազարեանի հետ:

    Գացած են Պոլսոյ մերձակայ Սիլիվրի քաղաքը, ուր բանտարկուած է Մ. Նազարեան: Հետը տեսակցութիւն ունեցած է Միութեան նախագահ փաստաբան Էրէն Քէսքին: Հոս, ա՛լ աւելի յստակ դարձած է, թէ դէպքերու ներկայացումը բնաւ չի համապատախաներ ճշմարտութեան եւ ամենայն հաւանականութեամբ Մուրատ Նազարեանն ալ գտնած են որպէս քաւութեան նոխազ՝ այս հարցը փակելու, առնուազն առժամապէս թաղելու համար:

    Արդարեւ, Մ. Նազարեանի հետ Էրէն Քէսքինի տեսակցութեան ամփոփումէն ի յայտ կու գան հետեւեալ կէտերը.
    1. Մ. Նազարեան հոգեկան խանգարումէ կը տառապի: Ատոր արտաքին բոլոր նշանները ակներեւ են: Իր իսկ խոստովանութեամբ թմրամոլութեան պատճառով ալ բուժուած է:

    2. Պաշտօնապէս յայտարարուած է, թէ Նազարեանի համար փաստաբան նշանակուած է: Բայց ոչ մէկ փաստաբան հետաքրքրուած է իրմով:

    3. Յարձակումներուն հեղինակը ըլլալու մասին հարցումներուն՝ Նազարեան յաճախ լալով կը պատասխանէ, թէ չի յիշեր, յետոյ յանկարծ կ՚ըսէ. "Եթէ ոստիկանութիւնը զիս ձերբակալեր է, կը նշանակէ, թէ ըրեր եմ: Թէ ոչ, ինչո՞ւ ձերբակալէր: Կ՚ըսեն որ արիւնս ալ կը համապատասխանէ եղեր յարձակումներուն յայտնաբերուածին”: Միանգամայն կը կրկնէ, թէ ինք "անկարող է այդպիսի բան ընելու, նոյնիսկ՝ ապտակ մը հասցնելու”: Փաստաբան Է. Քէսքին Նազարեանի անկեղծութեան մասին կ՚ըսէ, թէ ան անկարող է որեւէ դերասանութիւն կատարելու: Նազարեան կ՚աւելցնէ. "Չեմ ալ յիշեր ի՛նչպէս ձերբակալուեցայ: Եթէ ես ըլլայի, կը մնայի՞ նոյն տեղը: Բայց ուրեմն ըրեր եմ, քանի ոստիկանութիւնը այդպէս կ՚ըսէ”: Այս յայտարարութիւններէն կը պարզուի, որ ճշմարտութեան հետ իր կապը լրջօրէն խզուած է:

    4. Խոր անձկութիւն կ՚ապրի առանձին բանտախուցէն հասարակաց բանտախուց փոխադրուելու մտավախութեամբ՝ իր հայկական ինքնութեան պատճառով:

    5. Ան առաջին աստիճանի ազգականներ չունի: Իր հեռաւոր ազգականները կը հաւաստեն, թէ դժուարահաղորդ անձ մըն է՝ հոգեպէս հիւանդ: Հաստատած են, թէ վախկոտ է, արիւն տեսնելու իսկ չի հանդուրժեր, բոլորովին անկարող է նման ոճիրներ ծրագրելու եւ գործելու, ինչ որ կը հաստատէ փաստաբան Քէսքինի դիտարկումները:

    Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ իրենց նպատակը՝ Նազարեանը դատապարտելը կամ արդարացնելը չէ, այլ որպէս մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւն՝ մատնացոյց ընել թերութիւնները: Այդուհանդերձ, կը նշուի, թէ այս ամբողջէն այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, որ Նազարեան «գործածուած» է այս հարցին մէջ: Ոստիկանութենէն կը պահանջուի աւելի թափանցիկ հետաքննութիւն եւ այդ մասին պատշաճ տեղեկատւութիւն: Կ՚ըսուի նաեւ, թէ Սամաթիոյ յարձակումներուն կապակցութեամբ ձերբակալուած կասկածելիին հայկական ինքնութիւնը պէտք չէ վերջ դնէ ցեղապաշտութեան խնդրին շուրջ վիճարկումներուն:

    «Նոր Յառաջ»
    Visiones: 655 | Ha añadido: defaultNick | Ranking: 0.0/0
    Total de comentarios: 0
    Nombre *:
    Email *:
    Código *: