Inicio »
2013 » Marzo » 10 » ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ՈՒԶԷ ԽՈՉԸՆԴՈՏԵԼ «GENEX» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
12:19 ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՚ՈՒԶԷ ԽՈՉԸՆԴՈՏԵԼ «GENEX» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ |
ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆ
07.03.2013
Թուրքիա շարժման անցած է՝ խոչընդոտելու համար պատրաստութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ նախատեսուած «Genex» ֆիլմին, որուն մէջ հաւանաբար դերեր պիտի ստանձնեն հանրածանօթ բազմաթիւ դերասաններ: Ըստ թրքական «Զաման» թերթին՝ «Ցեղասպանութեան անհիմն մեղադրանքներուն դէմ պայքարի հիմնադրամը» սկսած է նամակներ ղրկել հոլիվուտեան աստղերուն՝ հրաժարելու կոչ ընելով ֆիլմին մէջ դեր ստանձնելու գաղափարէն: Հիմնադրամի նախագահ Սաւաշ Էյիլմէզ յայտնած է նաեւ, որ Հոլիվուտ ղրկած են 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ թրքական կողմի տեսակէտը ներկայացնող DVD-ներ ու փաստեր: Նշենք, որ վերոնշեալ թրքական հիմնադրամը նախապէս արշաւ մղած էր նաեւ աշխարհահռչակ Մէլ Կիպսընի դէմ, երբ տեղեկութիւններ տարածուած էին, թէ ան եւս կը ծրագրէ ֆիլմ մը պատրաստել Ցեղասպանութեան մասին:
|
Visiones: 788 |
Ha añadido: defaultNick
| Ranking: 0.0/0 |